2015-02-14 10:08:02

Սպանիայի Ռատիոյի Ակադեմիայի միջազգային մրցանակը` Ռատիովտականին։


(Ռատիօ Վատիկան) 13 Փետրուարին նշուեցաւ Ռատիոյի համաշխարհային օրը, որուն բնաբանն էր` ''Երիտասարդներն ու Ռատիոն'' ։

Ռատիոն կը մնայ հաղորդակցութեան կամուրջ մը աշխարհի մէջ, հետը բերելով բարգաւաճում հեռաւոր ու կղզիացած մարդոց։ Այդ իմաստով ոչ մէկ հաղորդակցութեան միջոց այդ կարողութիւնը ունի` հասնելու ժողովուրդներուն ու բազմազան մշակոյթներուն։

Ռատիոյի համաշխարհային այս չորրորդ օրուան առթիւ, Սպանիայի Ռատիոյի Ակադեմիան, Ռատիոյ Վատիկանին շնորհեց իր իւրայատուկ միջազգային մրցանակը։

Տուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մատրիտի մէջ որուն առթիւ Ռատիովատիկանի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին լսատեսողական պատգամ մը յղեց ընդգծելով Ռատիովատիկանի պատմական առաքելութիւնը ի սպաս Եկեղեցւոյ, երկխօսութեան եւ մարդկութեան միութեան։

Հայր Լոմպարտին յատուկ կերպով անդրադարձաւ Վատիկանի ձայնասփիւռի երկու հիմնական կէտերու` յանձնառութեամբ յառաջ տանիլ իւրայատուկ առաքելութիւնը, պատիւ բերելով ութսուն ամեայ առաքելական գործունէութեան` ի սպաս Քահանայապետին, Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան ու միեւնոյն ատեն հայեացքը ուղղել դէպի ապագայի մը` որ միշտ աւելիով յատկանշուած է ճարտարարուեստական (թէքնիքական) եւ բազմահաղորդակցական փոխակերպումներով։

Իր պատգամին մէջ Հայր Լոմպարտին խօսեցաւ ապա Ռատիոյի առաքելութեան յատկութիւններուն, շեշտը դնելով անոր խաղաղութեան, իրաւունքի եւ կրօնական ազատութեան ի սպաս ծառայութեան եւ ''արուարձաններու մէջ ապրող'' անհատներու հանդէպ ցուցաբերած ուշադրութեան։

Հայր Լոմպարտին մատնանշեց ապա Ռատիորյի բազմալեզու եւ բազմամշակութային բնոյթին եւ իրողութեան որոնք կ՛արտայայտեն, ըսաւ Ան, խաղաղութեան եւ երկխօսութեան զօրութեան ինքնութիւնը։
Վատիկանի Ձայնասփիւռի տնօրէնը պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Ակադեմիային այս պատուաւոր ''մրցանակի'' շնորհումին համար որ ''քաջալերանք մըն է շարունակելու մեզի յանձնուած առաքելութիւնը'' ըսաւ Ան։







All the contents on this site are copyrighted ©.